2014-01-29 12:16:31

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Դրոշմի Խորհուրդը''։


Վատիկան` չորեքշաբթի 29 յունուար։ Առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։ Շարունակելով ''Սուրբ Խորհուրդներու'' մասին իր խորհրդածութիւնները Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ''Դրոշմի Խորհուրդի'' մասին որ – ըսաւ Ան – Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի շարունակականութիւնն է եւ անոր հետ միացած է անբաժանելի կերպով։
Սուրբ Մկրտութեան, Դրոշմի եւ սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդները – յարեց Սրբազան Հայրը - կը կազմեն միակ փրկարար ներգործութիւն ` ''քրիստոնէական կեանքի սկիզբ'', որուն միջոցաւ մուտք կը գործենք մերած եւ յարութիւն առած Յիսուս Քրիստոսի մէջ, դառնալով նոր արարածներ, եւ Անոր Եկեղեցւոյ անդամներ։ Ասոր համար, սկզբնական շրջանին, այս խորհուրդները կը մատակարարուէին միասնաբար, ընդհանրապէս Սուրբ Զատկուայ շրջանին։
Սրբազան Քահանայապետը ապա բացատրեց թէ` ''Դրոշմ` կը նշանակէ օծում։ Արդարաեւ Սուրբ Միւռոնի իւղով է որ կը դրոշմուինք Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ ու կը միանանք Յիսուս Քրիստոսին, որ է իսկական ''օծեալը''` Մեսիան, Աստուծոյ Սուրբը։ Դրոշմի խորհուրդը, Եկեղեցւոյ հետ ունեցած մեր կապը իր լրումին կը հասցնէ, մեզի կը պարգեւէ Սուրբ Հոգւոյն զօրութիւնը տարածելու ու պահպանելու մեր հաւատքը, խոստովանելու համար Քրիստոսի անունը եւ երբեք չ՛ամչնալու Անոր Խաչէն։ Բնականաբար հարկաւոր է ''դրոշմեալները'' պատշաճ կերպով պատրաստել, զանոնք ուղղելու համար Քրիստոսի հաւատքի յարումին ու անոնց մէջ զարթնեցնելու իրենց Եկեղեցւոյ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը։
Դրոշմի խորհուրդը, ինչպէս միւս խորհուդները – շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը - Աստուածային ներգործութիւն մըն է, որ մեզ կը նոյնացնէ իր Որդւոյն պատկերին, ու մեզ կարող կը դարձնէ Անոր նման սիրելու, Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ որ մեզի կը պարգեւէ եօթը տուրքերը` Իմաստութիւն, իմացականութիւն, խորհուդ, զօրութիւն, գիտութիւն, գութ եւ Աստուծոյ Երկիւղ։ Սրբազան Հայրը ականրկեց թէ ''Խորհուրդներու նուիրուած յառաջիկայ խորհրդածութիւններուն մէջ պիտի անդրադառնայ այս պարգեւներու մասին'' ու ապա հաստատեց ''երբ Սուրբ Հոգին ընկալենք մեր սրտին մէջ ու թոյլ տանք որ Ան գործէ մեր մէջ, Քրիստոս ինքնին մեր մէջ կը բնակի եւ կեանք կ՛առնէ մեր ապրումին մէջ, ու մեր միջոցաւ, Ան է որ կ՛աղօթէ, կը ներէ, եւ յոյս ու մխիթարանք կը ներշնչէ, կը ծառայէ եղբայրներուն ու մօտիկ կ՛ըլլայ կարիքաւորներուն ու կը ստեղծէ հաղորդութիւնը ու կը սերմանէ խաղաղութիւն։
Գոհաբանութիւն յայտնենք Տիրոջ այս պարգեւին համար – եզրափակեց Սրբազան Հայրը - խնդրենք որ մեզի ըլլայ օգնական իսկական քրիստոնաներու կեանք մը ապրելու համար եւ ընթանալու միշտ ուրախութեամբ` Սուրբ Հոգւոյն մեզի պարգեւած շնորհքներով։
Խորհրդածութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող ուխտաւորները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն։ Յառաջիկայ ուրբաթ օր նշուելիք Սուրբ Յովհաննէս Պոսքոյի տօնին մատնանշելով Սրբազան Հայրը երիտասարդներուն մաղթեց որ անոր` Հօր ու դաստիարակի տիպարը, առաջնորդէ անոնց քայլերը ուսումնական եւ կազմաւորումի տարիներու շրջնաին։ Ապա հիւանդները քաջալերեց որ երբեք չի կորսնցնեն յոյսը, նոյնիսկ տառապանքի պահերուն ու նորապսակեալները հրաւիրեց ներշնչուելու Սալեզեաններու ''կանխատես սիրոյ'' օրինակէն, իրենց զաւակներու դաստիարակութեան գործին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.